Հրանդ Տինք Հիմնարկի նպատակն է Թուրքիա եւ իր «ամենէն հեռու» դրացի Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն բնականոնացումը եւ զարգացումը։ Հիմնարկին այս բնագաւառի մէջ աշխատանքը կ՚առաջնորդուի հետեւեալ սկզբունքով՝ «սահմանը նախ կը բացուի մեր միտքերուն մէջ»։ Որպէս Հրանդ Տինք Հիմնարկ, մենք կը քաջալերենք ուղղակի կապերու առկայութիւնը եւ համագործակցութիւնը հասարակութիւններու միջեւ, բոլոր ասպարէզներու մէջ, անկախ քաղաքական զարգացումներէն։ Մեր բուն նպատակն է ուղղակի կապերու եւ երթեւեկին բազմացումը երկու երկիրներուն միջեւ, հասարակաց աշխատանքներու հարթակներու կազմաւորումը եւ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման նախաձեռնութիւններու ստեղծումը։ «Ընդհանուր լեզու մը» կարելի է յառաջացնել երկու ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումներու եւ կապերու միջոցաւ, ուրեմն մենք կը քաջալերենք յատկապէս Հայաստանի մասնակցութիւնը մեր բոլոր ծրագիրներուն։

Ստորեւ ցանկը Թուրքիա-Հայաստան Ծրագիրէն ներս իրականացող նախագիծերուն՝

Ծրագիրներու մասին մանրամասն տեղեկութեան համար սեղմեցէք: