«Կղպուած դարպասը՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանին հեռանկարները» գիտաժողովը կազմակերպուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկի եւ Անգարայի Համալսարանի, Քաղաքագիտութեան ճիւղի Տնտեսագիտական բաժանմունքին կողմէ։ Գիտաժողովը տեղի ունեցած է 22-23 Նոյեմբեր 2014 թուականին։ Երկու օր տեւած գիտաժողովը ընդգրկած է 9 նիստ, եւ 27 զեկոյց, կենդանի հեռարձակուած է Հիմնարկի կայքէջին վրայ՝ հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով, ։

Գիտաժողովը բացուած է Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինքի, Հիմնարկի խորհուրդի անդամ Ճենկիզ Աքթարի եւ Անգարայի Համալսարանի Քաղաքագիտութեան ճիւղի Տնտեսագիտութիւն բաժանմունքի ղեկավար Փրօֆ. Դկտ. Օնուր Էօզսէօյի խօսքերով։ Գիտաժողովին առաջին օրը յատկացուած է տեղական եւ համաշխարհային շուրջառներու մէջ «կղպուած դարպաս» նիւթին։

Ռաքէլ Տինք, իր բացման խօսքին մէջ նշած է՝ «Մենք կ՚ուզենք յաղթահարել բոլոր սահմանները, որոնք պատանդ կ՚առնեն ժողովուրդը եւ հեռու կը պահեն իրենց խիղճէն»։ Ճենկիզ Աքթար նշած է, թէ բոլոր գիտաժողովները, որ կազմակերպուած են Հրանդ Տինք Հիմնարկի կողմէ, կեդրոնացած եղած են յիշողութեան եւ խղճի վրայ, կոչ ուղղած են խոհեմութեան եւ յատկապէս այս գիտաժողովը եւս հարթակ մըն է աջալուրջ ըլլալու եւ քայլ առնելու դէպի առջեւ։ Փրոֆ. Դկտ. Օնուր Էօզսէօյ իր խօսքին մէջ, կոչ մը ըրած է, եւ ըսած է՝ «Եկէ՛ք բանանք սահմանները խաղաղութեան եւ կայունութեան համար»։ Կղպուած դարպասներու պատմականը, սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն պատմութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը որպէս Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման խոչընդոտ, կարգ մը նիւթերն են, որոնք արծարծուած են գիտաժողովի ընթացքին։